2014-05-07 09:39:05

Ոչ եւս է Ռոզա Մինասեան` Արհի. հ. Ռափայէլ արք. Մինասեանի մայրը


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջի հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ ''արհիապատիւ հայր Ռափայէլ արք. Մինասեանի մայրը՝ Ռոզա Մինասեան իր հոգին աւանդեց, 4 մայիս 2014-ին, Նիու Եորք, ԱՄՆ: Յուղարկաւորութիւնը եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին Պէյրութ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ 10 մայիս 2014, առաւօտեան ժամը 11-ին։
Ռատիովատկիանի Հայկական բաժնի աշխատակազմը` արհիապատիւ հայր Ռափայէլ արք. Մինասեանին, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն կը յայտնէ անկեղծ մօտիկութիւն եւ խոր ցաւակացութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.